Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չունի ռազմական լուծում. Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր դիտարկում մը կատարեց

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Տաւուշի ուղղութեամբ յուլիսեան յաղթական մարտերն ապացուցեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում, եւ ժամանակն է, որ Ատրպէյճանն ընդունի այս:
Այս մասին Փաշինեանն ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի 21 օգոստոսի նիստին:
«Նախորդ նիստի ընթացքին մենք ընդունեցինք Ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը, եւ յատկանշական է, որ այդ որոշումէն շատ կարճ ժամանակ անց արձանագրուած է այդ փաստաթուղթի արդիականութիւնը եւ կենսունակութիւնը: Մեր նախորդ նիստէն ետք տեղի ունեցան տաւուշեան յայտնի դէպքերը՝ Տաւուշի յաղթական մարտերը, եւ պէտք է արձանագրել հետեւեալը. նախորդ ողջ շրջանին Ատրպէյճանն ընդունած էր այնպիսի կեցուածք մը, որով Ղարաբաղի հարցին ռազմական ճանապարհով լուծում չտալը, իր կողմէ այն չնախաձեռնելը կը ներկայացնէր որպէս զիջում ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ միջազգային հանրութեան համար: Եւ մենք այս ողջ ընթացքին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կը յորդորէինք, որ պէտք չէ Հայաստանի հետ խօսիլ ուժի դիրքերէ, ուժի լեզուով, եւ՝ այդ անհեռանկար հռետորաբանութիւն է: Եւ, ըստ էութեան, յուլիսեան յաղթական մարտերն ապացուցեցին այդ եւ ապացուցեցին, որ Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում: Կը կարծեմ՝ ժամանակն է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը սա ընդունի»,- ըսած է Փաշինեանը:
Վարչապետը նշած է, որ եթէ Ղարաբաղի հարցը ունի ռազմական լուծում, ուրեմն Արցախի ժողովուրդը կրնայ արձանագրել, որ ինքը վաղուց այդ հարցը լուծեր, աւարտեր է:
«Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ Հայաստանի դիրքորոշումը Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ ինչպէս եղեր է, այնպէս ալ կը շարունակէ մնալ կառուցողական, եւ մեր դիրքորոշումն է, որ, այո՛, Արցախի հարցը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ բանակցային ճանապարհով, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը, ըստ էութեան, միշտ ալ եղած է սա, ընդ որում՝ անկախ կառավարութիւններու եւ իշխանութիւններու քաղաքական ծագումնաբանութենէն»,- նշած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է, որ յաջորդ գործօնը, որ արձանագրուած է Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մէջ եւ շատ արագ արտայայտուեցաւ, Թուրքիոյ ապակառուցողական քաղաքականութիւնն է մեր տարածաշրջանին մէջ եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ:
«Կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ ապակայունացնող եւ ապակառուցողական գործունէութիւնը էական անհանգստութիւններ եւ մտահոգութիւններ կ'առաջացնէ ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի, այնպէս ալ Եւրասիական տարածաշրջանի, այնպէս ալ Եւրոպական տարածաշրջանի մեր գործընկերներուն մօտ: Սա օրակարգ մըն է, որ արդէն իսկ ձեւաւորուած է, եւ այդ օրակարգին մէջ մեր ընելիքները նոյնպէս կարեւորագոյն քննարկման առարկայ պիտի դառնան Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, Կառավարութեան մէջ, Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, եւ ասոր հետ կապուած հարցեր նոյնպէս մենք պիտի քննարկենք այսօրուան նիստին»,- ըսած է Փաշինեանը:
Վարչապետը նշած է, որ ամենակարեւոր արձանագրումը, որ մենք պիտի ընենք, այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ի վիճակի է սպասարկելու անվտանգային իր մարտահրաւէրները:
«Միեւնոյն ժամանակ, մենք պիտի խնդիր դնենք մեր առջեւ՝ անվտանգային միջավայրի կառավարելիութեան մակարդակն ամէն շաբթուայ, ամէն ամսուայ, ամէն տարուայ հետ աւելի բարձրացնելու ուղղութեամբ: Եւ Անվտանգութեան խորհուրդը ճիշդ այն աշխատանքային ձեւաչափն է, ուր այս կարգի հարցերը պէտք է քննարկուին եւ լուծումներ ստանան»,- նշած է Փաշինեանը:
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի օրակարգին մէջ են անվտանգային ոլորտին վերաբերող շարք մը հարցեր: