Հայտարարություն՝ Մեր Ժողովուրդին և Մեր Հայրենիքին Հետ, Մեր Ժողովուրդին և Մեր Հայրենիքին Համար

Յունիս 29, 2025
Յայտարարութիւններ՝ Ռամկավար Ազատական Կուակցութեան
«Մեր Ժողովուրդին և Մեր Հայրենիքին Հետ, Մեր Ժողովուրդին և Մեր Հայրենիքին Համար»
Սահմռկեցուցիչ վրդովում կը պատճառէ ծայր աստիճան թախծալի իրողութիւնը՝ թէ Հայրենիքի մէջ կատարուած են ու կը կատարուին ձերբակալութիւնները խումբ մը անձերու, որոնք կ'ամբաստանուին պետութեան դէմ ահաբեկչութեան ծրագիր մշակելու ծանրագործ մեղադրանքով։
Եթէ քննչական մարմիններուն կողմէ անհերքելի կերպով ապացուցուի թէ ճշմարիտ են իրենց դէմ հնչող այդ մեղադրանքները, յանցագործները, աներկբայօրէն, պէտք է ենթարկուին պետական օրէնքին սահմանած խստագոյն պատիժին, առանց երբեւէ նկատի առնելու անոնց պատկանելիութիւնը կամ ունեցած հանգամանքը։
Պետութեան դէմ ահաբեկչութեան զազրելի նախագիծի մը գործադրութիւնը ո ՛չ միայն կ’երերէ մեր պետականութեան հիմքերն անգամ, այլ՝ կ’ոտնահարէ ու կը բռնաբարէ ազգային մեր արժանապատուութիւնը եւս։ Միաժամանակ դուռ կը բանայ անհաշիւ աղէտներու, ինչպէս նաեւ՝ անդառնալի կորուստներու։
Անկախ զարհուրելի վերջին այս երեւոյթէն, ժամանակէ մը ի վեր մտայուզութիւն կը պատճառէր արդէն իշխանութեան եւ բարձրաստիճան կարգ մը եկեղեցականներու առճակատումով ստեղծուած անհաճոյ կացութիւնը, որովհետեւ այդպիսի սուր բեւեռացումներու յառաջացուցած սրտնեղութիւնն ու հակակրանքը, լրջօրէն պատուհաս կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի միասնականութեան, մինչ ան, գուցէ եւ, որեւէ ժամանակէ աւելի, կենսականօրէն անհրաժեշտ է մեզի համար, յատկապէս ներկայիս, երբ մեր աշխարհամասը կը գտնուի քաղաքականօրէն լարուած եւ պայթուցիկ վիճակի մը դէմ յանդիման։
Աւելին՝ ներկայիս տիրող իրավիճակը, անխուսափելիօրէն իր բացասական եւ ծանր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ հայկական սփիւռքին վրայ, որովհետեւ բազմաթիւ հայագաղութներէ ներս ազգային կեանքը անմիջական կերպով եւ սերտօրէն կ’առնչուի մեր եկեղեցւոյ հետ։
Հետեւաբար խստօրէն փափաքելի է որ կնճռոտ եւ տագնապալի այս դրոյթը հնարաւորին չափ շուտ գտնէ տրամաբանական, արդար եւ վճռական իր լուծումը։
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, աւելի քան 1700 տարիէ ի վեր եւ յատկապէս հարիւրամեակներ շարունակ, երբ զրկուած եղած ենք պետականութենէ, ո՛չ միայն ծառայած է մեր ժողովուրդին իբրեւ խիզախ ու վստահելի հոգեւոր առաջնորդ, այլեւ հանդիսացած է ապագայի հանդէպ հաւատքի եւ յոյսի, միասնականութեան եւ ազգասիրութեան անսպառ մեր ներշնչարանը, ինչպէս նաեւ ազգային մեր արժէքներու եւ հայապահպանման անփոխարինելի կռուանը։ Անուրանալիօրէն եղած է մեր «հաւատքի բարձր բերդը», ինչպէս զայն որակած է տաղանդաշատ բանաստեղծ Վահան Թէքէեան։
Ամէն կասկածէ վեր է որ, դարերով, երբ չենք ունեցած պետականութիւն, մեր եկեղեցին յօժարակամ եւ անձնուիրաբար ստանձնած է մեր ազգը գլխաւորելու կարեւոր դերը, զոր կատարած է հնարաւորութիւններու ընձեռած յաջողութեամբ։ Հիմա, սակայն, երբ, ի վերջոյ, բախտաւորուած ենք բազմակուսակցական համակարգով, ժողովրդավարական հանրապետութեամբ մը, խիստ շահեկան պիտի ըլլար որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ամբողջովին կեդրոնանար ՄԻԱՅՆ հոգեւոր առաջնորդութեան սրբազան իր առաքելութեան վրայ։ Բացի ասկէ, դժբախտաբար, վերջին քանի մը տասնամեակներուն եւ յատկապէս Հայրենիքէն ներս, բարձրաստիճան կարգ մը եկեղեցականներ սկսած են յայտնաբերել աշխարհիկ, հոգեւորական դասու անյարիր, նիւթապաշտ եւ մոլոր հետաքրքրութիւններ, եւ այդ պատճառով իրենք զիրենք հեռացուցած եւ օտարած են մեր ժողովուրդէն, որ իր հերթին, հետզհետէ սկսած է կորսնցնել անոնց նկատմամբ իր տածած հաւատքը, վստահութիւնը եւ մինչեւ անգամ՝ յարգանքը։
Հարկ է շեշտել նաեւ որ բացարձակապէս անընդունելի եւ անհանդուրժելի է որ մեր եկեղեցին ունենայ քաղաքական արեւելումներ, որովհետեւ, ինչպէս բնութագրուած է մեր Հաւատոյ Հանգանակին մէջ, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ է, եւ չի կրնար ունենալ նախընտրութիւններ եւ կողմնակալութիւն, որովհետեւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, անխտիր, համահաւասար կերպով սիրելի են յաչս մեր եկեղեցւոյ։
Ցաւով կ’արձանագրենք որ, քանի մը տասնամեակէ ի վեր, Էջմիածնայ Մայր Աթոռը, անտեղի միջամտութիւններով, ոտնձգութիւններով եւ խտրականութեամբ վերաբերած է հայկական շատ մը կազմակերպութիւններու եւ միաւորներու հանդէպ, ներառեալ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։ Սակայն, հակառակ որ մենք կրած ենք տխուր այդ վերաբերմունքին ծանրակշիռ բազմաթիւ հետեւանքները, ցարդ նախընտրած ենք այդ մասին չարտայայտուիլ, սխալ մեկնաբանութիւններէ եւ թիւրիմացութիւններէ խուսափած ըլլալու նախանձախնդրութեամբ։
Ջերմօրէն կը փափաքինք, որ ներկայ զգայացունց կերպով տհաճ իրավիճակը առիթ ստեղծէ որ Հայասատանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կանոնակարգն ու կարգավիճակը ենթարկուին ամէն տեսակի եւ բացարձակապէս բոլոր անհրաժեշտ բարեփոխումներուն, որոնց շնորհիւ մեր եկեղեցին անպայմանօրէն կրնայ վերածուիլ մեր ժողովուրդի ժամանակակից բոլոր յոյզերուն անմիջականօրէն հաղորդ, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ, յարգանք ու վստահութիւն վայելող, սրբազան,անխախտելի յենարանին։
Ռամկավար Ազատական Կուակցութիւն