Յայտարարութիւն՝ Հայրենիքի Յաւերժականութեան Ի Խնդիր

2025-08-18
Image

Օգոստոս 17, 2025

Յայտարարութիւն՝ Ռամկավար Ազատական Կուակցութեան

«Հայրենիքի Յաւերժականութեան Ի Խնդիր»

 

Ազգովին բոլորիս գերագոյն բաղձանքն է որ հայրենաբնակ մեր քոյրերն ու եղբայրները, տեւապէս կարենան ունենալ ինքնիշխան ժողովրդավարութեան ազատութեամբ օժտուած, բացարձակապէս ապահով, անխռով, բարօր, արժանապատիւ եւ եռանդուն կենցաղ մը, ինչպիսին ունին յառաջադէմ բոլոր երկիրներու բնակիչները։

Վսեմ այս ըղձանքին նախապայմաններէն մէկն է, անշուշտ, որ մեր երկիրը մշտապէս զերծ ըլլայ մարտական ամէն տեսակի սպառնալիքէ։

Առ այդ, մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ, անտարակոյս, խիստ նկատման արժանի իրադարձութիւն մըն էր Օգոստոս 8-ին, Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տան մէջ եռակողմ ստորագրութիւնը միացեալ հռչակագրին։

Ուսումնասիրելէ ետք մեզի տրամադրելի եղող առնչակից  վաւերաթուղթերը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս կ'ողջունէ խաղաղութեան համաձայնագրի պատմական այս նախաստորագրումը որ, ներկայիս առկայ քաղաքական պայմաններու դրութեամբ, կը հանդիսանայ հնարաւոր լաւ կարելիութիւն մը։

Դրուատելի է, մանաւանդ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ռազմավարութիւնը՝ ապահովելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփի անմիջական միջնորդութիւնն ու մասնակցութիւնը յատկանշական այս գործընթացին։

Լիայոյս ենք որ փոխըմբռնման այս յուշագիրը, որ կը միտի նախաքայլը ըլլալ դէպի մեր աշխարհամասի խաղաղութիւնը, բարեկեցութիւնն ու կայունութիւնը, իրապէս պիտի յաջողի մեր ժողովուրդին համար ապահովել կենսականօրէն անհրաժեշտ անվտանգութիւն եւ տնտեսական վիճակի էական բարելաւում, բայց նաեւ ազատ արձակումը Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող բոլոր հայ գերիներուն եւ յատկապէս՝ Արցախի հոգեհարազատ մեր ժողովուրդին վերադարձը պապենական բնօրրան եւ, մինչ այդ, տրամադրումը շուտափոյթ առատաշնորհ հատուցման։

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն