Հայաստանի տնտեսական աճի կանխատեսումները կայուն են՝ ի տարբերութիւն հարեւան երկրներու. Համաշխարհային Դրամատուն

2020-01-10
Image

Համաշխարհային դրամատան 2020 թուականի   ընդհանուր տնտեսական հեռանկարներ (GEP) յունուարեան զեկոյցի համաձայն՝ թէեւ տնտեսական աճի շարժերը Հարաւային Կովկասի մէջ նուազման միտում ունին, սակայն Հայաստանի աճի կանխատեսումները կայուն բնոյթ կը կրեն`ի տարբերութիւն հարեւան երկիրներու:

Մասնաւորապէս, 2020-ի համար կը կանխատեսուի 5,1 տոկոս, 2021 եւ 2022-ին՝ 5,2 տոկոս աճ, նշուած է Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանի մէջ մասնաւոր սպառումը, արդիւնաբերական հզօր գործունէութիւնը եւ օգտակար հանածոներու արդիւնահանման վերականգնումը նպաստեցին Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական աճի արագացման՝ հասցնելով շուրջ 3.7 տոկոսի:

Համաշխարհային տնտեսական զեկոյցին համաձայն՝ 2019-ին, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ տնտեսական աճը վերջին երեք տարիներուն ամէնէն ցած ցուցանիշը արձանագրած է՝ 2 տոկոս: Պատճառը 2018-ին ֆինանսական շուկային մէջ լուրջ ցնցումներու ազդեցութեան պատճառով Թուրքիոյ մէջ տնտեսական աշխոյժութեան կտրուկ անկումն էր, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ քարիւղի պահանջարկի եւ արդիւնաբերման ցած մակարդակը:

«Արդիւնաբերութեան ոլորտի աշխոյժութեան անկման եւ ներդրումներու հոսքի դանդաղ կշռոյթի պայմաններուն բերումով, տարածաշրջանին մէջ արտածման աճը ցած եղած է: Կ՛ակնկալուի, որ 2020-ին տարածաշրջանին մէջ տնտեսական աճը կը հասնի մինչեւ 2.6 տոկոսի՝ պայմանաւորուած հիմնական ապրանքատեսակներու գիներու կայունացունով, եւրոպական գօտիի տնտեսական աճով, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ (մինչեւ 3 տոկոս) եւ Ռուսիոյ մէջ (մինչեւ 1.6 տոկոս) տնտեսական աճի վերականգնումով: Կ՛ակնկալուի, որ Ռուսիոյ մէջ ազգային նախագիծերը, որոնց կարգին ներդրումները ենթակառուցուածքներու եւ մարդկային դրամագլուխին մէջ, խթան կը հաղորդեն այդ աճին», նշուած է զեկոյցին մէջ: