Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 067-ի

Հայաստանի մէջ, 26 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 43 067 դէպք, որոնցմէ 36 726-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 216 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 198 569 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 131 նոր դէպք եւ 251 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 861):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 63, 79 տարեկան տղամարդիկ եւ 58 տարեկան կին: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մաճուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 264 է: