Սերպիայէն Երեւան ժամանած է բժշկական պարագաներով ու սարքաւորումներով բեռնուած երկրորդ օդանաւը

2020-06-19
Image

«Դժուարին ժամանակներու մէջ օգնութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին լաւ ապագայի երաշխիքն է». Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի յղած այս ուղերձի հետ միասին 19 յունիսին Սերպիայէն Հայաստան հասած է մարդասիրական օգնութեամբ՝ բժշկական սարքաւորումներով ու պարագաներով բեռնուած երկրորդ օդանաւը:

Որպէս Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտար Վուչիչի պայմանաւորուածութիւններու գործնական շարունակութիւն՝ 18 յուլիսին Երեւանի «Զուարթնոց օդակայան վայրէջք կատարած էր սերպական օգնութեամբ առաջին օդանաւը՝ Հայաստան բերելով բժշկական անհրաժեշտ սարքաւորումներ եւ մեծաքանակ պարագաներ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, սերպական օդանաւային ընկերութեան երկու օդանաւերով Հայաստան տեղափոխուած են 10 արհեստական շնչառութեան սարքեր, հիւանդի վիճակը վերահսկող 10 հսկող դարք (մոնիթոր), 500 հազար վիրահատական եւ 100 հազար շնչառական դիմակներ, 25 հազար պաշտպանիչ ակնոցներ, 25 հազար բժշկական պաշտպանիչ հանդերձանք եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ:

«Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պայքարին Հայաստանին որպէս աջակցութիւն տրամադրուած այս թանկարժէք օգնութեան ակունքներուն Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի ու Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտար Վուչիչի ջերմ յարաբերութիւններն են: