Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 34 001-ի

Հայաստանի մէջ, 17 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 34 001 դէպք, որոնցմէ 22 492-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 692 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 143 114 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 442 նոր դէպք եւ 561 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 13 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 620):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 56, 53, 51, 64, 76, 84, 79, 68, 49, 62 եւ 83 տարեկան տղամարդիկ եւ 70, 73 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մահուան եւս 8 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 197 է: