Ֆրանսացի լրագրողը բողոք ներկայացուցած է Էրտողանի կողմնակիցներէն սպառնալիքներ ստանալու կապակցութեամբ

2021-03-24
Image

Ֆրանսացի լրագրող եւ թուրք ներգաղթեալը բողոք ներկայացուցած են դատախազութիւն Թուրքիոյ կառավարութեան կողմնակիցներու կողմէ սպառնալիքներու կապակցութեամբ,  կը յայտնէ Times-ը:

Քլեր Քոչն ըսած է, որ իրեն կը մեղադրեն Թուրքիան «դաւաճանելու» մէջ՝ ի պատասխան իր գիրքի, որուն մէջ մանրամասն նկարագրուած է իր համարկումը ֆրանսական հասարակութեան մէջ:

Լրագրող, որ կ'աշխատի պետական ​ France Télévision-ի մէջ, ըսած է, որ իր պատմութիւնը Ֆրանսայի քաղաքացիութեան եւ կենսակերպի, ինչպէս նաեւ իր թրքական արմատներէն հեռու մնալու ցանկութիւնը վիրաւորանքներով եւ սպառնալիքներով ընդունուեցաւ, յատկապէս՝ ընկերային ցանցերու վրայ, ուր րոշ օգտատէրեր նոյնիսկ հասած էին այն աստիճանի, որ կնոջ ներկայացուցած էին որպէս Քիւրտիստանի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ: «Պնդելով, որ ես քիւրտ ահաբեկիչ եմ՝ այդ խելագար ծայրայեղ ազգայնականները հարուածեցին ինծի մէջքէս»,-ըսած է Քոչը: «Այս վիճակը սարսափելի է, քանի որ վերջ չունի»:

Անոր փաստաբան Ուիլիամ Կոլտնատըլն ըսած է, որ սպառնալիքները մտահոգութիւն կ'առաջացնեն՝ հաշուի առնելով լրագրողին գտնուելու վայրը պարզելու փորձերը:

Քլերին աջակցած են ֆրանսացի քաղաքական գործիչները, այդ շարքին՝ սենատոր Վալերի Պիւայէրը: «Անտանելի է, որ ան հետապնդուած է Ֆրանսան չափազանց շատ սիրելու համար,- ըսած է Պիւայէրը:- Որքա՞ն պիտի շարունակուին այս սպառնալիքները»:

Էրտողանի կողմնակիցները կը մեղադրուին վերջին տարիներուն Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ եւ անոր կառավարութեան քննադատները հետապնդելու մէջ:

Deutsche Welle-ն յայտնած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութեան քննադատող թրքական ծագման Գերմանիոյ աւելի քան 20 քաղաքացի սպառնալիքներ ստացած է 2021-ի առաջին երեք ամիսներուն: