Քրտամէտ HDP-ն կանգնած է փակման սեմին

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը արձագանգած է երկրի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ կուսակցութիւնը փակելու նպատակով Սահմանադրական դատարան ուղարկուած մեղադրական եզրակացութեան: Այս մասին գրած է Gazete Karınca պարբերականը:
«Մաֆիաներու դէմ լռութիւն պահպանողները կը յարձակին մեր կուսակցութեան վրայ` իրենց իշխանութիւնը ընդլայնելու նպատակով»,- ըսուած է կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:
Կուսակցութիւնը յայտարարութիւնը տեղադրած է իր թուիթըրեան էջին՝ անոր կցելով «Դատեցէ՛ք մաֆիան, ոչ թէ HDP-ն» հեշթեկով:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ներքաղաքական աղմկայարոյց գայթակղութիւն առաջացած է: Անցեալ տարեսկիզբին երկրէն փախած թուրք մաֆիոզ Սետաթ Փեքերը YouTube-ի մէջ հրապարակած է աղմկայարոյց տեսանիւթեր, որոնց մէջ կը պատմէ քրէական աշխարհի հետ թրքական վերնախաւի կապերու մասին, ինչպէս նաեւ կը մեղադրէ նախագահ Էրտողանի շրջապատի պաշտօնեաները սպաննութիւններու, թմրաշրջանառութեան, փտածութեան եւ այլ յանցագործութիւններու մէջ:
Նշենք, որ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան դէմ եղած Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութեան մեղադրական եզրակացութեան մէջ քաղաքական գործունէութեան արգելք պահանջուած է կուսակցութեան մօտ 500 անդամներու համար: Մեղադրական եզրակացութեան մէջ պահանջուած է նաեւ, որ կուսակցութեան դրամատնային հաշիւի նկատմամբ նախազգուշական միջոց կիրառուի: