Քրեմլին. Ռուսաստանը ուշադիր կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայանի ստեղծման հնարաւորութեան մասին տեղեկութեան

Ռուսաստանը ուշադիր կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայանի ստեղծման հնարաւորութեան մասին տեղեկութեան: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Անկասկած, այդ հարցը մեր ուշադրութեան կեդրոնն է: ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ռազմական ենթակառուցուածքի տեղակայումը մեր սահմաններու մօտ մեր յատուկ ուշադրութեան առիթ է, ինչպէս նաեւ պատճառ՝ մեր ձեռնարկելիք քայլերու, որոնք անհրաժեշտ են մեր անվտանգութեան ու շահերու ապահովման համար»,-ըսած է ան:
Աւելի վաղ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հրաժարած է մեկնաբանել այդ տեղեկութիւնը՝ այն անուանելով տարաձայնութիւն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը չէր բացառած, որ Ատրպէյճանի մէջ ստորագրուած Շուշիի հռչակագրի շրջածիրէն ներս կրնայ խօսք ըլլալ ատրպէյճանական տարածքին մէջ Թուրքիոյ Զինուած ուժերու ռազմակայանի ստեղծման մասին։