Փութին յայտարարած է Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկի մասին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութիւն սկսելու որոշման մասին:
Ան յայտնած է, որ Տոնպասի ժողովրդական հանրապետութիւնները օգնութեան խնդրանքով դիմած են: «Անոր հետ կապուած` ես որոշում ընդունած եմ յատուկ ռազմական գործողութիւն սկսելու մասին», ըսած է Փութին:
Ան յաւելած է, որ Ռուսաստանի ծրագրերուն մէջ չի մտներ Ուքրանիոյ բռնագրաւումը, սակայն Ռուսաստանը կը ձգտի հասնելու Ուքրանիոյ ապառազմականացման: