Փութինն ու Էրտողանը քննարկած են իրավիճակի կարգաւորումը Սուրիոյ մէջ

2021-05-06
Image

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը քննարկած են Սուրիոյ հարցը, նշած են երկու երկիրներու միջեւ կարգաւորմանն ուղղուած յարաբերութիւններու կառուցողական բնոյթը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

«Նշուած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Սուրիոյ հետագայ կայունացմանն ուղղուած փոխգործակցութեան կառուցողական բնոյթը: Անոնք խօսած են սահմանադրական յանձնաժողովի շրջածիրէն ներս միջսուրիական երկխօսութիւնն առաջ մղելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ շարք մը շրջաններուն մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու մնացորդներու դէմ անզիջում պայքար մղելու հետագայ համակարգուած աշխատանքի մտադրութեան մասին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: