Վրաստանի մէջ հազարաւոր մարդիկ ցոյցի դուրս եկած են՝ պահանջելով թրքական ընկերութեան կողմէ ՀԷԿ-ի կառուցման դադարեցումը եւ տնտեսութեան նախարարի հրաժարականը

2021-03-15
Image

Վրաստանի Քութայիս քաղաքի կեդրոնին մէջ բողոքի բազմահազարանոց ցոյց տեղի ունեցած է, որու մասնակիցները կը պահանջեն դադրեցնել ՀԷԿ-ի կառուցումը Ռիոն գետի վրայ, ինչպէս նաեւ երկրի տնտեսութեան նախարար Նաթիա Թուրնաւայի հրաժարականը: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ յղում ընելով «Ռուսթաւի-2» հեռուստաալիքին:


«Մեր գլխաւոր պահանջն է չեղարկել կառավարութեան որոշումը, որով կը նախատեսուի Ռիոնի հարթավայրի փոխանցումն արտասահմանեան ներդրողին: Երկրորդ պահանջն է չեղարկել «Էնքա» ընկերութեան հետ կնքուած պայմանագիրը: Երրորդ՝ 2015-էն ի վեր տրամադրուած բոլոր փաստաթուղթերը պէտք է լուծարուին եւ, վերջապէս, տնտեսութեան նախարար Նաթիա Թուրնաւան պէտք է հրաժարական տայ»,- ըսած է ցոյցի կազմակերպիչը՝ ելոյթ ունենալով հանրահաւաքի ժամանակ:

Անոր խօսքով՝ հաւաքուածներու մէկ մասը մտադիր է գիշերել կեդրոնական հրապարակին մէջ տեղադրուած վրաններուն մէջ:

Աքթիւիսթներն արդէն չորս ամիս է կը բողոքեն Նամախվան ՀԷԿ-ի կառուցման դէմ: Անոնք վրանային քաղաք տեղակայած են շինարարական աշխատանքներու գօտիին մէջ, որոնք կ'իրականացուին թրքական «Էնքա» ընկերութեան կողմէ:

Ինչպէս ցուցարարները կը պնդեն, այն տարածքին մէջ, որ կը նախատեսուի յատկացնել շինարարութեան, տասնեակ բնակելի տուներ եւ անտառներ կը գտնուին, իսկ ՀԷԿ-ի կառուցումն ազդեցութիւն պիտի ունենայ կլիմայի վրայ: