Վրաստանը պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպման եւս

Վրաստանը պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպման եւս, որ կը նախատեսուի Թուրքիոյ մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Անգարայի մէջ Վրաստանի դեսպան Կիորկի Ճանճկավան։
Անգարան բազմիցս կոչ ըրած է ստեղծելու համագործակցութեան նոր հարթակ՝ «3+3», որ պիտի միաւորէ Թուրքիան, Ռուսաստանը, Իրանը, Հայաստանը, Ատրպէյճանն ու Վրաստանը։ Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է անցեալ տարուայ վերջաւորութեան Մոսկուայի մէջ, որուն Վրաստանը ներկայ չէր։ Դեկտեմբերին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յոյս յայտնած էր, որ Վրաստանը մասնակցի հարթակի երկրորդ հանդիպման։
Դեսպան Ճանճկավան պարզաբանած է, որ Վրաստանը Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը համարէ ռազմավարական գործընկերներ, Հայաստանը՝ պատմական եւ լաւ հարեւան, «սակայն Ռուսաստանը երկիր մըն է, որ բռնագրաւած է Վրաստանի տարածքի 20 տոկոսը»։