Վրաստանը կը քննարկէ ցամաքային սահմաններու բացման հարցը

2021-05-06
Image

Վրաստանի կառավարութիւնը կ'աշխատի երկրի ցամաքային սահմանները բանալու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարած է երկրի տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման նախարար Նատիա Թուրնաւան:

Թուրնաւայի խօսքերով` ցամաքային սահմաններուն համար պիտի կիրառուին մուտքի նոյն կանոնները, որ կը կիրառուին օդային սահմաններուն համար:

Այսօր Վրաստան ժամանող օտարերկրացիները պէտք է ներկայացնեն վերջին 72 ժամուան ընթացքին իրականացուած «Քորոնա» ժահրի քննութեան բացասական արդիւնքը հաստատող վկայական: Վրաստանի մէջ երկար մնալու պարագային այդ անձինք 3 օրուան ընթացքին պիտի կրկնեն քննութիւնը՝ իրենց հաշուոյն: