Սպանիոյ մէջ պիտի սկսին փորձարկել 4-օրեայ աշխատանքային շաբթուայ նախագիծը

Սպանիան կրնայ դառնալ առաջին երկիրներէն մէկը աշխարհի մէջ, ուր պիտի փորձարկուի 4-օրեայ աշխատանքային շաբաթը, քանի որ կառավարութիւնը համաձայնած է մեկնարկ տալ փորձնական նախագիծին այն ընկերութիւններու համար, որոնք հետաքրքրուած են տուեալ գաղափարով:
Ինչպէս կը յայտնէ The Guardian-ը, այս տարի աւելի վաղ սպանական կուսակցութիւններէն մէկը յայտնած էր, որ կառավարութիւնն ընդունած է 4-օրեայ աշխատանքային շաբաթը փորձարկելու նախագիծը: Այս հարցով յաջորդ հանդիպումը կառավարութենէն ներս կը նախատեսուի կայացնել առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:
«4-օրեայ աշխատանքային շաբաթով (32 ժամ) մենք կը թեւակոխենք մեր ժամանակներու ամենաարդիական քննարկման փուլ»,- ըսած է Más País կուսակցութեան անդամ Ինիգօ Էրեխոնը:
Ինչպէս աղբիւրը նկատած է, այս գաղափարը վերջին ժամանակներուն մեծ տարածում կը գտնէ տարբեր երկիրներու մէջ՝ Նոր Զելանտայէն մինչեւ Գերմանիա: Գաղափարի կողմնակիցներու կողմէ այն կը նկարագրուի որպէս աշխատակիցներու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու, հոգեկան առողջութիւնը բարելաւելու, ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարի միջոց: Այս առումով նորարար նախագիծն առաւել արդիական կը դառնայ համավարակի պայմաններուն, երբ մարդիկ ստիպուած են հարմարուիլ կեանք-աշխատանք հաւասարակշռութեան նոր իրողութեան: