Սաստկացող բախումներ, հրթիռակոծութեան հետեւանքով զոհերու թիւի աճ. իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան հետեւանքները՝ լուսանկարներով

2021-05-19
Image

Բախումները Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ կը շարունակուին՝ անկախ հրադադարի մասին հնչող կոչերէն: Մարտական գործողութիւններու սաստկացման զուգահեռ կ'աճի զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը:

Անցեալ շաբաթ սկսած բախումներու հետեւանքով պաղեստինեան կողմին մօտ զոհերու թիւը հասած է 212-ի, որոնցմէ 61-ը՝ երեխայ եւ 34-ը՝ կին, վիրաւորուած է մօտ 1500 պաղեստինցի, իսկ իսրայէլեան կողմին մօտ զոհերու թիւը 10-ն է, այդ շարքին՝ 2 երեխայ։

Այս մասին գրելով՝ BBC News-ը լուսանկարներու շարք հրապարակած է՝ ներկայացնելով վերջին օրերու ընթացքին օդային հարուածներու հետեւանքներն ու աւերածութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդոց տառապանքը՝ հարազատներու կորուստներն ու պատերազմական իրավիճակը:

Լուսանկարներուն մէջ պատկերուած են Կազայի մէջ ապրող պաղեստինցիները անցեալ օրերուն, յատկապէս՝ հանգստեան օրերուն տեղի ունեցած հրթիռակոծութենէն ետք:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ օդային հարուածներ հասցնել Կազայի մէջ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման հրամանատարներու տուներու եւ այլ կառոյցներու ուղղութեամբ, որոնք, իսրայէլեան կողմի կարծիքով, կ'օգտագործուին ռազմական նպատակներով: