Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու աւարտէն ետք կողմերը մեկնած են իրենց մայրաքաղաքներ՝ խորհրդակցութեան

Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիոյ սահմանին մօտ` պելառուսական Կոմել քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն շնորհիւ կողմերը համաձայնութեան եկած են զանոնք յառաջիկայ օրերուն շարունակելու հարցին մէջ:
Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Միխաիլ Փոտոլեաքի յայտնած է, որ «կողմերը պիտի երթան մայրաքաղաքներ` խորհրդակցութիւններու»:
Ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքին ալ շուրջ հինգ ժամ տեւած բանակցութիւններէն յետոյ ըսած է, որ «գտնուած են որոշ կէտեր, որոնցմով կարելի է կանխատեսել ընդհանուր դիրքորոշումները»: