Ռուսաստան ընտրեց պատերազմելու ուղին, հետեւանքներն աղիտալի պիտի ըլլան. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ընտրած է պատերազմի ուղին, որ պիտի յանգեցնէ աղիտալի մարդկային կորուստներու, աւերածութիւններու եւ բնակչութեան մեծ տառապանքներու։
«Ուքրանիոյ ժողովուրդը ենթարկուած է ռուսական ուժերու անհիմն եւ չարդարացուած յարձակման»,- ըսած է ան։
Միայն Ռուսաստան կը կրէ պատասխանատուութիւնը մահերու ու աւերածութիւններու համար, որ կը պաճառէ այդ յարձակումը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն:
«Միացեալ Նահանգները, իր դաշնակիցները եւ գործընկերները կը պատասխանեն միասնական եւ վճռական կերպով: Աշխարհը պատասխանատուութեան կը կանչէ Ռուսաստանը»,-գրած է Պայտըն:
Նշենք, որ Փետրուար 24-ի առաւօտեան ՌԴ նախագահը յայտարարած է Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան մասին: