Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է իր զոհերու թիւը

2022-03-03
Image

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը առաջին անգամ պաշտօնապէս թիւեր հրապարակեց Ուքրանիոյ մարտական գործողութիւններուն մէջ իր սեփական կորուստներուն մասին:

ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է 498 ռուսաստանցի զինուոր, 1597-ը վիրաւորուած են:

Պատերազմի եօթը օրերու ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է  2870 ուքրանացի, այս մասին կ'ըսուի Ուքրանիոյ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: