Ռուսաստանի Զինուած ուժերը 2021 թուականին պիտի համալրուին ռատարներու համար անտեսանելի օդային ռումբով

2021-05-10
Image

Ռուսաստանի Զինուած ուժերը 2021 թուականին պիտի համալրուին նորագոյն «Տրել» (Дрель) օդային ռումբով: Այս մասին 9 մայիսին յայտարարած է ՌԴ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսովը:

«Փորձարկումներու արդիւնքները հաստատած են  «Տրել» օդային ռումբի մարտական արդիւնաւէտութիւնը»,- ըսած է Պորիսովը: Անոր խօսքով՝ օդային ռումբի ձեռքբերումը նախատեսուած է ընթացիկ տարուան՝ պետական պաշտպանական պատուէրի շրջածիրէն ներս, ինչպէս նաեւ 2022-2023 թուականներուն:

Պորիսովն աւելի վաղ յայտնած էր, որ նորագոյն օդային ռումբով պիտի զինուին մարտավարական օդանաւային երթեւեկութեան օդանաւերը:

Ռուսաստանի մէջ նոր օդային ռումբի մշակման մասին յայտնի դարձած էր 2016 թուականի սեպտեմբերին: Ծրագրաւորողի տեղեկութիւններով՝ այն ունակ է արձակումէն ետք ինքնուրոյն թռիլ մինչեւ 30 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախի ուղղութեամբ:

Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ օդային ռումբով զինուած օդանաւը կրնայ չյայտնուիլ հակառակորդի ՀՕՊ գօտիին մէջ եւ խուսափիլ յաւելեալ վտանգէ: Օդային ռումբը գործնականապէս անհնար է տեսնել ռատարներու օգնութեամբ: