Ռուսաստան առժամապէս դադրեցուցած է դէպի Թուրքիա օդային հաղորդակցութիւնը

2021-04-13
Image

Ռուսաստանը ապրիլ 15-էն յունիս 1-ը պիտի սահմանափակէ Թուրքիոյ հետ օդային հաղորդակցութիւնը՝ կանխելու «Քորոնա» ժահրային նոր վարակի ներմուծումը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան փոխվարչապետ Թաթիանա Կոլիքովան, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Մենք որոշում կայացուցած ենք այս տարուան ապրիլ 15-էն մինչեւ այս տարուան յունիս 1-ը սահմանափակել կանոնաւոր եւ չարթըրային օդային հաղորդակցութիւնը Ռուսաստանի միջազգային օդակայաններէն դէպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան օդակայաններ եւ հակառակ ուղղութեամբ: Բացառութեամբ «Քոնցեռն Թիթան-2» աթոմակայանի կառուցման բաժնետիրական ընկերութեան մասնակցութեան համար անհրաժեշտ ուղղութիւնները, Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հանգստացող ՌԴ քաղաքացիներու հեռացումը, ինչպէս նաեւ շաբաթական փոխադարձաբար երկու թռիչքներ պահելը՝ Մոսկուա - Իսթանպուլ, Իսթանպուլ - Մոսկուա»,- ըսած է Կոլիքովան:

Թանզանիոյ եւ Թուրքիոյ հետ օդային հաղորդակցութիւնը պիտի վերականգնուի այն պարագային, եթէ այս երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած իրավիճակը կայունանայ: Անոր խօսքով՝ ժահրի բրիտանական տարբերակը գրանցուած է Թուրքիոյ 81 նահանգներէն իւրաքանչիւրին մէջ: