Պոլսոյ մէջ կայացած Թրքական Խորհուրդի տեղեկատուական համաժողովին Էրտողանի թիրախը եղած են Հայաստանն ու հայութիւնը

Թուրքիոյ ամենամեծ քաղաքին՝ Պոլսոյ մէջ, 22 Հոկտեմբերին սկիզբ առած է Թրքական խորհուրդի տեղեկատուական համաժողովը, որ տեւած է 3 օր։
Համաժողովը կ՝իրականացուի «Արմատներ նետած անցեալ, ուժեղ ապագայ» կարգախօսին տակ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պաշտօնական ուղերձ յղած է համաժողովի մասնակիցներուն։ Ուշագրաւ է, որ ուղերձին հիմնական թիրախը Հայաստանն ու հայութիւնն են։ Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ պետական լրատուական գործակալութիւնը՝ «Անատոլուն»։
Աղբիւրին համաձայն՝ Էրտողանը ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշած է․ «Մեր օրերուն հասարակական տեղեկատւութեան տարածման զուգահեռ՝ ինչպէս համայն մարդկութիւնը, այնպէս ալ մենք յաճախ կ՝ենթարկուինք ապատեղեկատւութեան։ Ստայօդ եւ կեղծ լուրերու հետեւանքով աշխարհի մէջ կը խորտակուի միլիոնաւոր անպաշտպան մարդու կեանք․ անոնք լուրջ վէրքեր ու դրամաներ կ՝ապրին»։
Ուշագրաւ է, որ Էրտողանի ուղերձին մէջ, իբրեւ մասնաւոր օրինակներ կը բերուին միայն Հայաստանն ու հայութիւնը։ Անդրադառնալով Արցախի վերջին պատերազմին՝ ան մասնաւորապէս նշած է․ «Թուայնացուած ֆաշիզմի աւերիչ ազդեցութենէն ոչ մէկ երկիր ու հասարակութիւն զերծ չէ։ 44 օր տեւած Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին ականատես դարձանք երկերեսանի պահուածքի, որ ցոյց տուաւ այդ խնդրի՝ մեր երկրի համար ունեցած կարեւորութիւնը։ Բոլորովին օրակարգ չբերուեցան Հայաստանի բանակի՝ քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախաւորած կոտորածը եւ պալիսթիկ հրթիռային յարձակումները։ Տեղեկատւութեան անկախութեան եւ առարկայնութեան մասին ճամարտակող միջազգային մամլոյ օրգանները շարժեցան Հայաստանի պաշտօնական լրատուական գործակալութեան նման։
Ղարաբաղի պատերազմը մեր երկիրներուն եւ թրքական աշխարհին առնչուող փաստերուն դէմ կիրառուած տեղեկատուական օգնութեան միակ օրինակը չէ։ Մեր ունեցած տառապալի փորձի լոյսին ներքոյ այլեւս բոլորս կրնանք պարզ ու յստակ կերպով տեսնել հետեւեալ ճշմարտութիւնը․ ինչպէս որ արդիւնաբերական ու ռազմական հարցերու մէջ յոյսերնիս օտարերկրացիներուն վրայ չենք դներ, այնպէս ալ հաղոդրակցման վերաբերող խնդիրները եւս չենք կրնար այլոց վստահիլ։ Իբրեւ թրքական աշխարհ՝ պէտք է այդ հարցով նախաձեռնողական ըլլանք, փորձի փոխանակում ունենանք, մեր ուժերը մէկտեղենք եւ որոնենք մեր ունեցած հնարաւորութիւնները ամենաազդեցիկ ձեւով օգտագործելու ուղիները»։
Ակնյայտ են նաեւ այս համաժողովին միջոցով Էրտողանի՝ համաթուրանական բանակ կազմաւորելու ակնկալիքները։
Յիշեցնենք, որ Թրքական խորհուրդը թրքախօս պետութիւնները միաւորող միջազգային կազմակերպութիւն է, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են Ազրպէյճանը, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը եւ Թուրքիան։ Ուշագրաւ է, որ սոյն կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2009 թ․, Նախիջեւանի մէջ։ Դիտորդի կարգավիճակով համաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հունգարիան։ Կ՝ակնկալուի, որ յետագային կազմակերպութեան անդամակցին նաեւ Թուրքմենիստանն ու ինքնահռչակ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը»։