Պաքուն յայտնած է Հայաստանին ներկայացուած առաջարկներու 5 կէտերը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հինգ հիմնական սկզբունքները քանի մը օր առաջ միջնորդներու միջոցով փոխանցուած են Երեւանին: ԱՊԱ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Լէյլա Ապտուլլաեւան։
«Երկու երկիրները կարող են այս սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել ուժգին, բովանդակային, առարկայական բանակցութիւններու միջոցով»,- ըսած է Ապտուլլաեւան։
Ան նշած է ՀՀ-ին առաջարկուած 5 կէտերը, որոնք են՝
• Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ իրարու քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:
• Պետութիւններու իրարու նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում:
• Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրարու անվտանգութեան սպառնացող, իրարու քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիք եւ ուժ կիրառելէ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն անհամատեղելի այլ գործողութիւններէ:
• Սահմանազատում եւ սահմանագծում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:
• Փոխադրային եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացում, այլ հաղորդակցութիւններու հաստատում եւ համագործակցութիւն փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ։