Պատուաստուած զբօսաշրջիկները եւս Վրաստան մտնելու ժամանակ պէտք է PCR քննութիւն ունենան

Վրաստան մուտքի ժամանակ բոլոր զբօսաշրջիկները պէտք է PCR քննութեան բացասական պատասխանով փաստաթուղթ ունենան: Կը հաղորդէ Aliq.ge-ն։
Կարգը պիտի գործէ ինչպէս ցամաքային սահմաններուն, այնպէս ալ օդակայաններուն մէջ: Նախապէս այցելուները միայն պատուաստման ամբողջական դեղաչափի ընդունման մասին տեղեկանք կը ներկայացնէին:
Ինչ կը վերաբերի չպատուաստուած օտարերկրացիներուն, անոնք նոյնպէս կրնան Վրաստան երթալ ցամաքային ու օդային ուղիներով, ունենալով քննութեան բացասական պատասխանի մասին փաստաթուղթ, երկրին մէջ գտնուելու 3-րդ օրը պարտաւոր են կրկնակի քննութիւն յանձնել վրաստանեան բժշկական կեդրոններէն մէկուն մէջ:
Վրաստան բացասական քննութեան թուղթով կրնան այցելել ԵՄ-ի, Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Զուիցերիոյ, Պահրէյնի, ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Թուրքմենստանի, Ուզպեկստանի, Տաճիկստանի, Ղրղզստանի, Գանատայի, Քուէյթի, Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի, Մոլտովայի, Օմանի քաղաքացիները:
Երկիրը լքելու ժամանակ անոնք պարտադիր պէտք է ունենան երկրորդ քննութեան բացասական պատասխանը, հակառակ պարագային կը տուգանուին: Եթէ այցելուն Վրաստան գտնուելու ընթացքին հիւանդանայ «Քորոնա» ժահրով, անոր բուժման ծախսերը կը ծածկէ զբօսաշրջային ապահովագրութիւնը:
Յիշեցնենք` Վրաստանը 1 յունիսէն կը բանայ ցամաքային սահմանները այցելուներու համար: