Պայտըն եւ Մերքէլ ստորագրած են «Ուաշինկթընեան հռչակագիր»ը

2021-07-16
Image

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ իրենց հանդիպման արդիւնքները արձանագրող՝ «Ուաշինկթընեան հռչակագիր» ստորագրած են:

«Համաձայնագիրը, որ ստորագրած ենք, փաստաթուղթ է, որ կը հաստատէ մեր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական այն կուռ սկզբունքներուն, որոնք կը կազմեն մեր երկիրներու հիմքը, ինչպէս նաեւ այն, որ մենք պիտի կիրառենք անոնք այժմեան ու գալիք նշանակալի մարտահրաւէրները դիմակայելու համար»,-համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Պայտըն:

«Մենք պիտի ձգտինք ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ համընդհանուր իրաւունքներու ամրապնդման այն պարագային, երբ կը տեսնենք, որ Չինաստանը կամ ալ որեւէ այլ երկիր կը ձգտի ճեղքել ազատ ու բաց հասարակութիւնները»,-ըսած է Պայտըն, կը հաղորդէ DW-ը:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է գերմանաամերիկեան ֆորումի ստեղծման եւ տնտեսական երկխօսութեան մասին: Հռչակագրին մէջ նաեւ գրուած է, որ ԱՄՆ-ն եւ Գերմանիան ՆԱԹՕ-ն կը համարեն Եւրոպայի անվտանգութեան ապահովման գլխաւոր տարրն ու կ'ընդգծեն համատեղ պաշտպանութեան սկզբունքին հակուածութիւնը:

Հանդիպման ժամանակ ուժանիւթի ոլորտին մէջ եւ կլիմայի պաշտպանութեան հարցով գործընկերութեան մասին փաստաթուղթ ստորագրուած է:

Ուաշինկթըն այցը դարձած է, որպէս վարչապետ, Մերքէլի վերջին այցը ԱՄՆ:

Պայտըն բարձր գնահատած է վարչապետի ջանքերը անդրաթլանթեան յարաբերութիւններու զարգացման գործին: Անոր խօսքով՝ Անկելա Մերքէլն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Գերմանիոյ եւ ԱՄՆ-ի ժամանակակից յարաբերութիւններու կառուցման գործին: