Պայտընը Փութինին առաջարկած է հանդիպիլ

2021-04-14
Image

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հեռախօսազրոյց ունեցած է ՌԴ նախագահ  Վլատիմիր Փութինի հետ եւ առաջարկած հանդիպում ունենել, յայտնած է Սպիտակ տունը:

Ինչպէս կը յայտնէ ԱՄՆ-ի Սպիտակ տունը, Պայտընը Մոսկուային կոչ ըրած է նուազեցնելու լարուածութիւնը Քիեւի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Ան մտահոգութիւն յայտնած է «Ռուսաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ղրիմի մէջ եւ Ուքրանիոյ հետ սահմանին ռազմական ուժերու յանկարծակի աւելացման կապակցութեամբ»:

Պայտընը նաեւ բարձրացուցած է ամերիկեան ընտրութիւններուն եւ ցանցահէններու յարձակումներուն միջամտելու հարցը: Ըստ հաղորդագրութեան ՝ Պայտընը պարզ հասկցուցած է, որ «ԱՄՆ-ն պիտի գործէ ի պաշտպանութիւն իր ազգային շահերու՝ Ռուսաստանի գործողութիւններուն պատասխանելու ժամանակ, ինչպիսիք են համացանցային յարձակումներն ու ընտրութիւններուն միջամտելը»:

Երկու առաջնորդները հաստատած են սպառազինութիւններու վերահսկման հարցերու շուրջ երկխօսութիւն վարելու մտադրութիւնը Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու մասին պայմանագրի հիման վրայ, որ վերջերս երկարացուած է:

ԱՄՆ նախագահը նաեւ հաստատած է, որ կը ձգտի կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններ կառուցելու Ռուսաստանի հետ, առաջարկած է հանդիպում-գագաթնաժողով կազմակերպել երրորդ երկրին մէջ՝ քննարկելու ԱՄՆ-ին եւ Ռուսաստանին յուզող բոլոր խնդիրները։