Չինաստանը ԵՄ-ին խոստացած է Ռուսաստանին ռազմական օգնութիւն չտրամադրել. Պորել

2022-04-05
Image

Եւրոմիութեան արտաքին գործերու գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորել կը պնդէ, որ Չինաստանը ԵՄ-ին խոստացած է Ռուսաստանին ռազմական օգնութիւն չտրամադրել: 

«Չինաստանը հաւաստիացուցած է, որ մտադիր չէ ռազմական օգնութիւն տրամադրելու Ռուսաստանին եւ օգնելու շրջանցել պատժամիջոցները», ըսած է Պորել:

Ան ընդգծած է նաեւ, որ Փեքինը կրնայ օգնել Ռուսաստանին առանց ԵՄ-ի իմացութեան:

Պորել բացառեր է այս փուլին Ռուսաստանի Դաշնութեան աջակցելու համար Չինաստանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման հաւանականութիւնը: