Ուքրանիոյ բնակիչները դարձած են Սպիտակ տան յանցաւոր քաղաքականութեան պատանդները. Իրանի նախագահ

2022-03-07
Image

Ուքրանիոյ բնակիչները դարձած են Սպիտակ տան յանցաւոր քաղաքականութեան պատանդները, ըսած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին:

«Ուքրանիոյ բնակիչները, ինչպէս եւ Աֆղանստանի, Եմէնի ու Իրաքի բնակչութիւնը, դարձած են ԱՄՆ-ի դաւադիր քաղաքականութեան զոհերը», յայտնած է Իրանի նախագահը կառավարութեան նիստի ժամանակ:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ինչպէս արդէն յայտարարած է Գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին, դէմ է պատերազմին, եւ որքան շուտ աւարտի պատերազմն, այնքան լաւ է բոլորին համար», յաւելած է Ռայիսին: