Ուքրանիան խզած է Ռուսաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները

Ուքրանիան խզած է Ռուսաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին:
«Մենք խզած ենք դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ: Ուքրանիան կը պաշտպանուի եւ չի հրաժարիր իր ազատութենէն` անկախ անկէ, թէ ինչ կը մտածեն Մոսկուայի մէջ», ըսած է Զելենսքին:
Այս որոշմամբ կողմերը կը զրկուին դիւանագիտական հարթութեան վրայ երկկողմ հաղորդակցութեան հնարաւորութենէն: Երկու երկիրներու դիւանագէտները կը դադրեցնեն իրենց գործունէութիւնը: Երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները տեղի կ'ունենան երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ: