Ո՞վ է այդ Գանատան. Ֆրանսան, հանգիստ ձգեցէք մեզ. Իլհամ Ալիեւ

2021-05-11
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բաւականին կասկածելի յայտարարութիւններ կատարած է Գանատայի եւ Ֆրանսայի հասցէին:

«Երբեմն երկիրները, որոնք կը գտնուին աշխարհի միւս ծայրը, կ'ընեն յայտարարութիւններ, որոնք կապուած են հակամարտութեան կամ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու հետ: Այդ անթոյլատրելի է: Որպէս օրինակ՝ կրնամ բերել Գանատան: Վերջերս ինծի յայտնած են, որ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր Ատրպէյճանի կապակցութեամբ, մեր ներքին գործերու վերաբերեալ: Ի՞նչ իրաւունքով: Ո՞վ անոր շնորհած է այդ իրաւունքը: Հնարաւո՞ր է՝ այն գերտէրութիւն է, կրնայ ըլլալ այն երկրորդ Լիւքսըմպըրկն է, յայտնուած է երկրորդ գերէերութիւն, իսկ մենք տեղեակ չենք: Թող զբաղուին իրենց գործերով»,-յայտարարած է Ալիեւը Ատրպէյճանական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ:

«Ես կը հերքեմ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները: Մենք բազմիցս մեր պահանջները յայտնած ենք ֆրանսական կողմին, որպէսզի հանգիստ ձգեն մեզ: Գացէք եւ զբաղուեցէք ձեր գործերով: Ֆրանսայի Սենատի ներկայացուցիչը կը ժամանէ Երեւան, կը յայտարարէ, որ Ֆրանսայի Սենատը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը: Երբ մենք կը դիմենք Ֆրանսայի կառավարարական մարմիններուն այդ հարցով, մեր բողոքը կը յայտնենք, մեզի կը յորդորեն ուշադրութիւն չդարձնել, ըսելով, որ այդ օրէնսդիր մարմին է, որ չարտացոլեր իշխանութեան դիրքորոշումը: Լաւ, իսկ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնպէս չարտացոլե՞ր կառավարութեան դիրքորոշումը: Այդ ի՞նչ յայտարարութիւններ են: Թող զբաղուին իրենց գործերով»,-շարունակած է վրդոված Ատրպէյճանի նախագահը: