Մաքրոն եւ Էրտողան կէս տարուան մէջ առաջին անգամ բանակցութիւններ պիտի վարեն

2021-03-02
Image

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երեքշաբթի երեկոյեան տեսա-համաժողվի ձեւաչափով բանակցութիւններ պիտի վարէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ, գրած է ԹԱՍՍ-ը։

Նշուած է, որ այն պիտի ըլլայ կէս տարուան ընթացքին երկու առաջնորդներու միջեւ առաջին բանակցութիւնը: Տեսա-համաժողվի  մեկնարկը նախատեսուած է տեղական ժամանակով ժամը 18:00-ին, որքան կը տեւէ՝ յայտնի չէ:

ԶԼՄ-ներուն յայտնի չէ նաեւ՝ բանակցութիւններու ընթացքին ինչ թեմաներ պիտի արծարծուին, սակայն ինչպէս յայտնի է, երկու առաջնորդները բազմաթիւ տարաձայնութիւններ ունին եւ յաճախ իրար հասցէին հրապարակային քննադատութեամբ հանդէս կու գան։

2020 թուականի աշնան եւ ձմրան սկիզբը Մաքրոն յայտարարած էր, որ Փարիզը տեղեկութիւններ ունի այն մասին, որ Անգարան Սուրիայէն գրոհայիններ կը բերէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մասնակցելու համար: Ան նաեւ սպառնացած էր պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ, եթէ ան չհրաժարի Յունաստանի եւ Կիպրոսի նկատմամբ միակողմանի գործողութիւններէն: