Մաքրոն Ալիեւի հետ քննարկած է տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները

Այսօր հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։
Ինչպէս կը հաղորդեն ատրպեճանական ԶԼՄ-ները՝ յղում կատարելով Էլիզեան պալատին, երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները:
«Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը պայմանաւորուած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ համագործակցութեան մասին՝ ապաւինելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու (Ռուսաստան, Ֆրանսա, ԱՄՆ) աջակցութեան»,- յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով երկու առաջնորդներու հեռախօսազրոյցի մասին Էլիզեան պալատի յայտարարութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին Մաքրոն մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան վերաբերեալ: «Նախագահները քննարկած են տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը եւ մնացած դժուարութիւնները, որոնք պէտք է յաղթահարուին 9 Նոյեմբերի (2020թ․) համաձայնագրի լոյսի ներքոյ, որուն կ'աջակցի Ֆրանսան», -աւելցուցած է վարչակազմը: