ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովը դադրեցուց Ռուսաստանի անդամակցութիւնը Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովը որոշեց դադրեցնել Ռուսաստանի անդամակցութիւնը Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին` Ուքրանիոյ դէմ ռազմական յարձակման, եւ ռուս զինուորականներու կողմէ «մարդու իրաւունքներու կոպիտ եւ համակարգուած խախտումներուն համար»:
Ռուսաստանի դէմ ներկայացուած բանաձեւին հաւանութիւն տուած են կառոյցի անդամ 93 պետութիւններ, 24 -ը` դէմ, 58-ը` ձեռնպահ:
Փաստաթուղթը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ «Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամին կապակցութեամբ` դատապարտելով Ռուսաստանի գործողութիւնները հարեւան երկրի դէմ:
Ռուսաստանը երկրորդ երկիրն է, որու անդամակցութիւնը կը դադրեցուի 47 անդամ ունեցող խորհուրդին մէջ․ աւելի վաղ` 2011-ին, կառոյցէն հեռացուած էր նաեւ Լիպիան` Մուամմար Քազաֆֆիի օրօք տեղի ունեցած յանցագործութիւններուն ի պատասխան:
Հայաստանը քուէարկութեան չէ մասնակցած: Ռուսաստանի դիրքորոշման կողմ քուէարկած են նախկին Խորհրդային միութեան երկիրներէն Պելառուսիան, Տաճիկստանը, Ուզպեքստանը, Ղազախստանը, Ղրղզստանը, ինչպէս նաեւ Չինաստանը, Իրանը, Սուրիան, Հիւսիսային Քորէան, Վիեթնամը, Քուպան եւ ափրիկեան շարք մը երկիրներ:
Ռուսաստանը քուէարկութենէն առաջ զգուշացուցած է ՄԱԿ-ի անդամներուն, որ բանաձեւին կողմ կամ ձեռնպահ քուէարկութիւնը պիտի դիտարկուի որպէս «ոչ-բարեկամական քայլ, որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հետագայ` երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ»: