ՄԱԿ. Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան մէջ վերահսկողութեան կորուստի վտանգ կայ

2021-05-07
Image

ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի հարցերով յատուկ համակարգող Թոր Ուենեսլանտը հինգշաբթի մտահոգութիւն յայտնած է իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութեան աճի կապակցութեամբ եւ կողմերուն կոչ ըրած է զսպուածութիւն պահպանելու՝ վերահսկողութիւնը կորսնցնելու վտանգը կանխելու համար: Համապատասխան յայտարարութիւնը ան հրապարակած է թուիթըրի էջին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ լարուածութեան աճով Արեւմտեան ափին, այդ շարքին նաեւ՝ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ: Ես բոլոր կողմերէն քաղաքական, կրօնական եւ համայնքներու ղեկավարներուն կոչ կ'ընեմ յստակ դէմ արտայայտուելու բռնութեան, հրահրման եւ սադրիչ հռետորաբանութեան»,- գրած է ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգողը: «Եթէ իրավիճակն առանց հսկողութեան ձգենք, այն կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ»,- նախազգուշացուցած է Ուենեսլանտը:

«Միայն վերջին օրերուն բախումներու եւ յարձակումներու ծիրէն ներս իսրայէլական անվտանգութեան ուժերու հետ առանձին միջադէպերու հետեւանքով երկու պաղեստինցի զոհուած է: Մէկ իսրայէլցի սպաննուած է պաղեստինցիի կողմէ վարուող մեքենայէ, եւս մի քանին վիրաւորուած են»,- յատուկ համակարգողը թուարկած է ամենաաղմկայարոյց միջադէպերը:

Ուենեսլանտն Իսրայէլի անվտանգութեան ուժերուն կոչ ըրած է «առաւելագոյն զսպուածութիւն» ցուցաբերել եւ զէնք օգտագործել միայն կեանքի պաշտպանութեան պարագային: «Երկու կողմերէն ալ բռնի գործողութիւններ կատարողները պէտք է անյապաղ պատասխանատուութեան ենթարկուին»,- աւելցուցած է ան: