Ղազախստանի նախագահն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը

2022-01-05
Image

Ղազախստանի նախագահ Քասըմ-Ժոմարտ Թոքաեւը հրամանագիր ստորագրած է կառավարութեան հրաժարականին մասին։

«Ղազախստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 70-րդ յօդուածին համաձայն՝ ՈՐՈՇԱԾ ԵՄ.

1․ Ընդունիլ Ղազախստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականը:

2․ Ղազախստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար նշանակել Ալիխան Ասխանի Սմայիլովը։

3․ Ղազախստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ կառավարութեան նոր կազմի հաստատումը։

4. Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ ստորագրման պահէն», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ Թոքաեւը դիմած էր Ղազախստանի ժողովուրդին՝ կապուած երկրին մէջ տիրող իրավիճակին հետ։ Երկրին ղեկավարը կոչ ըրած է ժողովուրդին չտրուելու սադրանքներուն եւ բոլոր հարցերը լուծելու խաղաղ երկխօսութեան ձեւաչափով։ 

Յայտնի դարձած է նաեւ, որ ժամը 23:00-էն մինչեւ առաւօտեան 7:00-ն Ալմաթիի եւ Մանկիսթաու շրջանին մէջ կը գործէ պարետային ժամ։

Նշենք, որ 2 Յունուարին Ժանաոզենի բնակիչները դուրս եկած էին փողոց՝ պահանջելով նուազեցնել հեղուկ կազի գիները։