Հրդեհի պատճառով յունական կղզիներէն տարհանուած է աւելի քան 2000 մարդ

2021-08-09
Image

Յունական Էվիա (Եգէական ծով) կղզիէն, որ յայտնի հանգստավայր է եւ Կրետէէն ետք երկրորդ ամենամեծ կղզին, ուր հրշէջ փրկարարները քանի մը օր անցուցած են՝ փորձելով դիմակայել աւերիչ հրդեհը, աւելի քան 2000 մարդ տարհանուած է: Յունաստանի մէջ կը շարունակուին մոլեգնիլ անտառային հրդեհները, որոնց ալիքը այս ամառ ընդգրկեց հարաւային Եւրոպան եւ հսկայական չափերու հասաւ Ռուսաստանի արեւելքի՝ Եաքութիայի մէջ, կը հաղորդէ BBC-ն:

Մայրաքաղաք Աթենքէն հիւսիս-արեւելք գտնուող Էվիա կղզիի զբօսաշրջիկներն ու բնակիչները հանգստեան օրերուն լաստանաւերով տեղափոխուած են մայրցամաք՝ ափը կրակով ողողուած ըլլալուն պատճաժով: Այրած են կղզիի մէջ եղած տուներ, վնասուած են ելեկտրահաղորդման գիծերը:

Ամբողջ Յունաստանի մէջ այժմ քանի մը տասնեակ անտառային հրդեհ կը վառի, բայց անոնցմէ ամենազօրաւորը եղած է Էվիայի մէջ:

Հարիւրաւոր հրշէջներ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ 17 օդանաւ եւ ուղղաթիռ մասնակցած է կրակի մարման գործողութեան:

«Մենք այժմ ունինք կրակի երկու ճակատ, մէկը՝ հիւսիսի, միւսը՝ հարաւի մէջ [երկրի],- ըսած է բնակչութեան պաշտպանութեան հարցերով Յունաստանի փոխնախարար Նիքոս Հարտալիոսը:

Ան աւելցուցած է, որ Աթենքի մէջ, ուր օրերս վտանգուած էին նաեւ մարդոց կեանքերը, իրավիճակը բարելաւուած է, սակայն մտավախութիւն կայ, որ չոր քամիներու ուժգնացման պատճառով հրդեհը կը վերսկսի:

Բնական աղէտը Յունաստանի մէջ 40 աստիճանէն բարձր ջերմաստիճանի հետեւանք էր եւ տեւեց աւելի քան մէկ շաբաթ: Երկրի որոշ շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը հասած է 47 աստիճանի: Այժմ ջերմաստիճանը 40-էն ցած է, սակայն երկրին մէջ բարձր ջերմաստիճաններու նման անկանոն շրջան մօտ 30 տարի չէ նկատուած:

Այս օրերուն Յունաստանի մէջ հրդեհները ընդգրկած են 56 հազար հեքթար տարածք, կը յայտնէ անտառային հրդեհներու եւրոպական տեղեկատուական համակարգը:

Նման բնական աղէտները աւելի հաւանական եւ աւերիչ կը դառնան մարդկային գործունէութեան հետ կապուած կլիմայի համաշխարհային փոփոխութիւններու պատճառով:

Այս ամառ անտառային հրդեհներ կը մոլեգնին Յունաստանի, Ալպանիոյ, Պուլկարիոյ, Հիւսիսային Մակեդոնիայի եւ Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ: