Խարքովի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան շէնքը ենթարկուած է օդային հարուածներու

2022-03-07
Image

Խարքովի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան շէնքը ենթարկուած է օդային հարուածներու։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը։

«Օդային հարուածներու հետեւանքով լրջօրէն վնասուած է Խարքովի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան շէնքը», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ վնասուած է հիւպատոսարանի աշխատակցին պատկանող ինքնաշարժը: «Հիւպատոսութեան աշխատակիցները չեն տուժած, այժմ կը գտնուին անվտանգ վայրի մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։