Լաւրովն ու Պայրամովը քննարկած են իրավիճակի կարգաւորումը հայ-ատրպեճանական սահմանին

2021-08-09
Image

Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովը եւ Ճէյհուն Պայրամովը հեռախօսով քննարկած են իրավիճակի կարգաւորման ուղիները հայ-ատրպեճանական սահմանին:

Ինչպէս կը յայտնէ ՌԴ ԱԳՆ -ն, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու արդիական հարցեր, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգեր:

«Նախարարները գոհունակութեամբ նշած են ռուս-ատրպեճանական բազմաբնոյթ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը, առեւտրատնտեսական կապերու կայուն աճը: Հաստատուած է այս տարուան 20 Յուլիսին Ռուսաստանի Դաշնութիւն աշխատանքային այցի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու փոխադարձ տրամադրուածութիւնը:

Տեղի ունեցած է կարծիքներու առարկայական փոխանակում Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու՝ 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 Յունուարի յայտարարութիւններու կատարման տարբեր երեսակները, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպեճանական սահմանին իրավիճակի կարգաւորման ուղիներու վերաբերեալ: Ընդգծուած է տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաարգելափակմանն ուղղուած Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան շուտափոյթ վերսկսման կարեւորութիւնը:

Քննարկուած են միջազգային հարթակներու վրայ, այդ շարքին՝ ՄԱԿ -ի, ԵԱՀԿ-ի եւ «Կասպեան հնգեակ»ի հետ համագործակցութեան հետագայ խորացման հարցեր:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է արտաքին գերատեսչութիւններու մասով հետագայ շփումներու վերաբերեալ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: