Իրանը կը սատարէ «3+3» ձեւաչափին

2021-11-10
Image

Իրանը կը սատարէ «3+3» ձեւաչափին եւ կը կարծէ, որ տարածաշրջանային խնդիրները կարելի է լուծել ներտարածաշրջանային մեքենականութիւններու միջոցով։

Այս մասին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանը։

«Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութիւնն ու հեռանկարները», ըսուած է Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան կայքը հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի այդ, կողմերը հաստատած են փոխադարձ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման գործին մէջ ներդրած աւանդի յանձնառութիւնը։