Ինը ամիս ետք Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն

2021-09-10
Image

Երկար ամիսներու սպասումէն ետք Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն։

Այս մասին կ'իմանանք լիբանանեան լրասփիւռներէն։

Աղբիւրները նշեցին, որ  բաւական դժուար բանակցութիւններէ ետք Վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղար դատախազ Մահմուտ Մաքիյէ Պաապտայի պալատէն յայտարարեց նոր կառավարութեան կազմութեան մասին

Նշենք, որ կառավարութիւնը կը բաղկանայ 24 նախարարներէ, եւ կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչն է Ճօրճ Պուչիքեան, որ պիտի ստանձնէ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը։