Թրքական «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուն հեշտ թիրախ է զէնիթահրթիռային համալիրների համար

Թրքական «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուն հեշտ թիրախ է զէնիթահրթիռային համալիրների համար: «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նման կարծիք յայտնած է «Ալմազ-Անտէյ» օդատիեզերական պաշտպանութեան ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ Պավել Սոզինովը:
««Պայրաքտար»ը, ընդհանուր առմամբ, զէնիթահրթիռային համալիրին բնորոշ թիրախ է: Այն մեծ թիրախ է, գործնականի մէջ՝ 650 քկ զանգուածով օդանաւ: Բաւականին խոցելի է, քանի որ բաւականին դանդաղ կը թռի»,- ըսած է Սոզինովը:
Անոր խօսքով՝ «Պայրաքտարներ»ու դէմ պայքարելու համար պէտք է այն ճիշդ ժամանակին նկատել եւ խոցել նախքան այն ունակ կ'ըլլայ կիրառելու իր սպառազինումը:
«Ալմազ-Անտէյ» օդատիեզերական պաշտպանութեան ընկերութիւնը ռուսական առաջատար ընկերութիւն է, որ կը զբաղի ամէն տեսակի օդատիեզերական յարձակման զէնքի դէմ պայքարի համակարգերու արտադրութեամբ, ինչպիսին են «Թոր», «Պուք» եւ С-400 համակարգերը: