Թուրքիոյ մէջ տեղի կ'ունենան հերթական թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները

Մենք հանդիպած ենք ատրպէյճանական բանակի զինծառայողներու հետ, որոնք Ըսփարթա նահանգ եկած են վեցշաբաթեայ զօրավարժութիւններ իրականացնելու, կը յայտնեն Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Twitter-եան էջէն կը հաղորդուի, որ հրամանատարաշտաբային վարժանքները պիտի կայանան Ըսփարթայի մէջ: Այնտեղ ժամանած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումը: Զօրավարժութիւնները պիտի տեւեն 6 շաբաթ:
«Մենք կը շարունակենք Ատրպէյճանի հետ փոխգործակցութիւնը «մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» սկզբունքով: Մենք կը դիմաւորենք հերոսական ատրպէյճանական բանակի զինծառայողները, որոնք Ըսփարթա նահանգ ժամանած են վեցշաբաթեայ զօրավարժութիւններու»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: