Թուրքիոյ մէջ պիտի հանդիպին Լաւրովն ու Չաւուշօղլուն. պիտի քննարկուի նաեւ Ղարաբաղի հարցը

2021-06-30
Image

ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը այսօր Անթալիոյ մէջ բանակցութիւններ պիտի վարէ թուրք պաշտօնակիցի՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ:

TACC-ի հաղորդմամբ, հանդիպման օրակարգը յայտնի է, քննարկումներու ընթացքին պիտի խօսուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորմանն ուղղուած հետագայ քայլերու մասին: 

«Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր թեմայ պիտի դառնայ ՌԴ-ի եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու բանակցութիւններուն մէջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: