Թուրքիոյ մէջ ձերբակալած են HDP քրտամէտ կուսակցութեան անդամը, որուն զրկած են պատգամաւորի կարգավիճակէն

Թուրքիոյ մէջ ոստիկանութիւնը կիրակի ձերբակալած է քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) պատգամաւոր Օմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլուն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը, անոր ձերբակալած են կուսակցութեան կեդրոնակայանին մէջ, ուր ան 4 օր է անցուցած է՝ ի նշան իրեն պատգամաւորական լիազօրութիւններէ զրկելու դէմ բողոքի: Կուսակցութենէն յայտնած են, որ ձերբակալման պահին քաղաքական գործիչը գիշերազգեստով եւ հողաթափերով եղած է եւ կը պատրաստուէր առաւօտեան աղօթքին:
Խորհրդարանն աւելի վաղ Կերկերլիօղլուն զրկած էր պատգամաւորական կարգավիճակէն եւ անով պայմանաւորուած անձեռնմխելիութենէն՝ ահաբեկչական քարոզարշաւ իրականացնելու մեղադրանքով:
Երկրի դատախազութիւնն օրեր առաջ մեղադրանք առաջադրած էր կուսակցութեան դէմ քիւրտ գրոհայիններու հետ ենթադրեալ կապ ունենալու համար եւ դիմած էր Սահմանադրական դատարան՝ կուսակցութեան գործունէութիւնը կասեցնելու խնդրանքով:
Միացեալ Նահանագները նախազգուշացուցած է թրքական իշխանութիւնները, որ քրտամէտ կուսակցութեան փակումը նոր հարուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան նկատմամբ: ԱՄՆ Պետական քարտուղարութենէն նշած են, որ Ուաշինկթընն ուշադրութեամբ կը հետեւի թրքական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: