Թուրքիոյ դատախազութիւնը քրտամէտ կուսակցութիւնը լուծարելու հայցով դիմած է Սահմանադրական դատարան

Թուրքիոյ դատախազութիւնը «Ժողովուրդներու դեմոկրատիա» կուսակցութիւնը լուծարելու հայցով դիմած է Սահմանադրական դատարան, կը յայտնէ Անատոլիական գործակալութիւնը:
Անոր տուեալներով՝ հայցին մէջ նշուած է, որ քաղաքական շարժման անդամներու յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները «ուղղուած եղած են պետութեան եւ ժողովուրդի միջեւ պառակտման»:
2017-ի յունուարին HDP համանախագահներ Սէլահատին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկենա Եուքսեկտաղի դէմ մեղադրանքներ առաջադրուած են ահաբեկչական գործունէութեան եւ քարոզչութեան համար: Անգարայի մէջ կ'ենթադրեն, որ այս կուսակցութիւնը, ներկայացուած ըլլալով խորհրդարանին մէջ, դեռ կը շարունակէ կապեր պահպանել Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան հետ (Թուրքիոյ մէջ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն) եւ կրնայ հանդէս գալ որպէս անոր քաղաքական թեւ: 2017-ի փետրուարին Տեմիրթաշը մեղաւոր ճանչցուած էր «թուրք ազգին, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը եւ անոր պետական հիմնարկները նուաստացնելու մէջ» եւ դատապարտուած էր հինգ ամսուան ազատազրկման: Այնուհետեւ ժամկէտը քանի մը անգամ երկարացուած էր, քաղաքական գործիչը դեռ ձերբակալուած է:
2018-ի յունիսին նախագահական ընտրութիւններուն Տեմիրթաշը առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը եւ 8,4% ձայնով երրորդ տեղը զբաղեցուցած էր: Նոյն տարուան սեպտեմբերին ան դատապարտուած էր 56 ամսուան ազատազրկման՝ ահաբեկչութեան քարոզչութեան մեղադրանքով: 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն HDP-ն ստացած է ձայներու 11,7%-ը եւ 67 տեղ՝ այն դարձնելով երրորդ խոշորագոյն քաղաքական ուժը, որ ներկայացուած է բարձրագոյն օրէնսդիր մարմնին մէջ: