Թուրքիան զօրավարժութիւններ պիտի կատարէ Կարսի մէջ՝ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ

1-12 Փետրուարը Թուրքիան զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնէ Հայաստանի սահմանային գօտիին՝ Կարսի մէջ, որուն պիտի մասնակցին նաեւ ատրպէյճանցի զինուորականները, կը տեղեկացնէ Ազատութիւն ռատիոկայանը։ Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ` զօրավարժութիւններու ընթացքին նախատեսուած է նոր սպառազինութեան փորձարկում։
Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը վերջին անգամ համատեղ զօրավարժութիւններ կատարած էին յուլիսին` հայ-ատրպէյճանական սահմանին սկսած բախումներէն քանի մը շաբաթ անց: Լայնամաշտապ այդ զօրախաղերը կայացած էին երկրի ողջ տարածքին, այդ շարքին՝ Նախիջեւանի, Պաքուի, Կեանճայի մէջ։ Անոնց կը մասնակցէին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ինչպէս ցամաքային զօրքերու, այնպէս ալ ռազմաօդային ուժերու ստորաբաժանումները։
Որոշ աղբիւրներու պնդմամբ՝ այդ զօրավարժութիւններէն ետք Թուրքիան իր սպառազինութեան եւ խմբաւորումներու զգալի մասը թողեց Ատրպէյճանի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակողական գործողութեան նախագծումը եւ իրագործումը համակարգելու համար, նշած է Ազատութիւնը: