Թուրքիայէն Ուքրանիա զէնքի արտահանումը 30 անգամ աճած է

Ուքրանիան 2022 թուականի առաջին եռամսեակին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ Թուրքիայէն 30 անգամ աւելի շատ զէնք ստացած է:
Այս մասին յայտնի դարձած է Թուրքիոյ արտահանողներու խորհուրդին հրապարակած տուեալներէն: Ըստ այդմ` Թուրքիան 2022-ին Ուքրանիա արտահանած է 59,1 միլիոն տոլարի զէնք-զինամթերք` 2021 թուականի առաջին եռամսեակի 1,9 միլիոն տոլարի դիմաց:
Կը նշուի, որ վերջին տարիներուն Ուքրանիան թրքական «Baykar Makina» ընկերութենէն գնած է աւելի քան 20 «Bayraktar TB2» հարուածային անօդաչու թռչող սարք եւ Յունուարի վերջը պատուիրած եւս 16-ը: Այս խմբաքանակը առաքուած է Մարտի սկիզբը:
Ըստ հրապարակուած տուեալներու` Անգարայի ընդհանուր պաշտպանական արտահանումը առաջին եռամսեակին, նախորդ տարուայ համեմատ աճած է 48.6%-ով: Թուրքիան 2021 թուականին արտահանած է 3,224 միլիառ տոլարի պաշտպանական արտադրանք` 41,5 տոկոսով աւելի, քան 2020 թուականին: