Թիֆլիսի մէջ ատրպէյճանցիներու ու քիւրտերու միջեւ զանգուածային ծեծկռտուք տեղի ունեցած է

2021-05-24
Image

Թիֆլիսի մէջ զանգուածային ծեծկռտուք տեղի ունեցած է ատրպէյճանցիներու եւ քիւրտերու միջեւ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Միջադէպի հետեւանքով զոհուած է 32-ամեայ ատրպէյճանցի, կան նաեւ վիրաւորներ։ Այլ մանրամասներ յայտնի չեն։

Վերջերս վրացական Տմանիսիի մէջ նոյնպէս զանգուածային ծեծկռտուք տեղի ունեցած է ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ, որ վերածուած էր անկարգութիւններու։