Թէլ Աւիւը Պաղեստինեան հրթիռներու թիրախ

2021-05-12
Image

Թէլ Աւիւի ուղղութեամբ տասնեակ հրթիռներ արձակուած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

Քաղաքին մէջ ահազանգերու ազդանշաններ արձակուած է՝ զգուշացնելով հնարաւոր հրթիռային յարձակման մասին: Երկինքին մէջ տեսանելի է «Երկաթէ գմբեթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի կողմէ հրթիռներու որսը:

ՀԱՄԱՍ-ը յայտարարած է, որ Թէլ Աւիւի ուղղութեամբ 130 հրթիռ արձակած են: